2014-10-11 09:19:33

Աստուծոյ ծառայ` Ֆրանչիսկոս Զիրանոյի երանացման արարողութիւնը Սասսարի քաղաքին մէջ։


(Ռ.Վ. 11 հոկտեմբեր 2014) Կիրակի, 12 հոկտեմբերին, Իտալիոյ Սարտէնյա կղզիի Սասսարի քաղաքին մէջ,տեղի կ՝ունենայ Աստուծոյ ծառայ եւ մարտիրոս` Հայր Ֆրանչիսկոս Զիրանոյի երանացման արարողութիւնը նախագահութեամբ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Անճէլօ Ամաթոյին։
Հայր Զիրանօ ծնած է 1564-ին, քրիստոնեայ աղքատ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ''Սրբուհի Մարիա տի Պէթլէմի'' դպրոցին մէջ։ Աստուծոյ կոչումին ձայնին հետեւելով, 22 տարեկանին քահանայ կը ձեռնադրուի։
1590 թուականին, Հայր Զիրանոյի հօրեղբօր զաւակը` Հայր Ֆրանչիսկոս Սէրրա , Սարտէնյա կղզիին մէջ թուրքերուն կողմէ կը ձերբակալուի եւ որպէս ստրուկ կ՝ուղարկուի Ալճէրիա։
Հայր Զիրանօ, կ՛որոշէ հետապնդել եւ ազատագրել իր հօրեղբօր որդին. Կը մեկնի Ալճէրիա ուր կր տիրէր հակառակորդութիւն քրիստոնեաներուն դէմ։ Ալճերիոյ մէջ Ան կը ձերբակալուի եւ մահուան կը դատապարտուի՝ կառչած մնալուն համար իր քրիստոնէական հաւատքին։
15 յունուար 1603-ին, Հայր Զիրանոյի մահուան դատապարտումի վճիռը կը կատարուի։
Անոր կեանքին վերջին խօսքը կ՛ըլլայ ՝՝Քրիստոնեայ եւ կղերական եմ՝ նման իմ հօրս Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եւ կը փափաքին անոր նման մեռնիլ։
Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Անճէլօ Ամաթոն , հինգշաբթի, 9 հոկտեմբերին, Աստուծոյ ծառայ Ֆրանչիսկսո Զիրանօյի երանացման արարողութեան առընչութեամբ ՝ Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց թէ այսօր եւս, բոլոր քրիստոնեաներուն դիրքորոշումը միեւնոյնն է, ի տես եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներու հանդէպ յառաջացած հալածանքներուն։ Թող երանելի Ֆրանչիսկոս օգնէ մեզի աղօթելու եւ ներելու ՝բայց երբեք չմոռնալու հաստատեց Կարդինալ Անճելօ Ամաթօն։







All the contents on this site are copyrighted ©.